2015-04-22 13:11:00

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի ելոյթը` Միջին Արեւելքի մասին։


Երեքշաբթի, 21 ապրիլին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի գումարած  նիստին, Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Գերապայծառ Պէրնարտիթօ Աուզա իր ունեցած ելոյթին մէջ արտայայտեց Սուրբ Աթոռի լուրջ մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքի նկատմամբ, Պաղեստինի եւ Իսրայելի միջեւ բանակցութեան չգոյութեան պատճառաւ, ընդգծելով, թէ Իսրայէլի  մտահոգութիւնները երկրի ապահովութեան նկատմամբ, արդարացուցիչ եւ  իրաւասի  են, սակայն՝ այդ ապահովութիւնը ի յայտ կու գայ միայն Պաղեստինցիներու  եւ Իսրայէլացնելու միջեւ բանակցութեան ճամբով, որ կը վայելէ  Սուրբ Աթոռի եւ Միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը։

Սուրբ Աթոռը անգամ մը եւս իր ձայնը կը միացնէ բոլոր խաղաղասէր մարդոց խնդրելով անոնցմէ կատարել շօշափելի բանակցութիւն՝ խաղաղութեան ի խնդիր - ըսաւ  Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը անդրադառնալով Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի հարցին, ու մատնանշելով որ Սուրբ Աթոռը չի դադրիր քաջալերելէ Լիբանանցի  քաղաքական անձնաւորութիւնները լուծում մը  գտնելու ներկայ տիրող կացութեան, մէկդի դնելով անհատական ու քաղաքական շահերը ի շահ Լիբանանի բարիքին։ Գերապայծառ Աուզա կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին  աջակցելու համար Լիբանանի ժողովուրդին, որպէսզի ան կարենայ վերագտնել երկրին կայունութիւնը։

Անդրադառնալով  հուսկ Սուրիոյ ներկայ ողբերգական  կացութեան , Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը յայտնեց,  թէ ջուրի, ելեկտրական հոսանքի. դպրոցներու եւ հիւանդանոցներուն կառոյցներուն կործանումով, քաղաքացիներու կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ։

Վերջերս Իտլիպ քաղաքի կործանումով՝ որ  կը գտնուի հալէպէն 37 քմ հեռաւորութեան վրայ. հալէպի ժողովուրդը մեծ վախի մատնուած է  ։

Այս առընչութեամբ գերապայծառ Աուզա, ըսաւ. Սուրբ Աթոռը միջազգային ընտանիքէն կը խնդրէ կանխարգիլել հսկայական մարդկային կոտորածը, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ  կրօնային եւ ցեղային պատկանելիութեան պատճառաւ փոքրամասնութիւններու վրայ գործադրուած բռնաբարումները։

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը իր ելոյթը եզրափակեց Միջազգային ընտանիքին փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրը` լուռ չմնալու  եւ աչք չխփելու տեղի ունեցող անընդունելի կոտորածներու դիմաց։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.